2014-02-01 11:43:05

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գործունէութիւնը` Լեհաստանի Եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


Շաբաթ, 1 փետրուար 2014, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը, ապա ժամը 11-ին ունկնդրութիւն շնորհեց Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի խումբ մը եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ժամը 12-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց ''''Նէոքաթէքումէնալ ուղեւորութիւն'' Եկեղեցական շարժումի 10 հազար անդամներուն։
Յայտնենք որ Լեհաստանի եպիսկոպոսներու կանոնական հնգամեայ այցելութիւնները պիտի տեւեն մինչեւ 8 փետրուար։Լեհաստանը ունի 312,683 քմ տարածք եւ 38,500,000 հազար բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը կաթողիկէ են`մօտ 90 առ հարիւրը։
Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւք դասի նախագահն է `գերապայծառ Եոզէֆ Միքալիք, մինչ Լեհաստանի մօտ առաքելական նուիրակն է` գերապայծառ Չելեսթինօ Միլիորէ։
Լատին ծէսի պատկանող հաւատացեալներէն զատ, Լեհական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մաս կը կազմեն նաեւ, Ուքրանացի, Սլաւ եւ Հայկական ծէսի պատկանող հաւատացեալներ։
Լեհաստանի Եկեղեցին ունի 4 կարտինալ, 27 Արքեպիսկոպոս եւ 113 Եպիսկոպոս։ Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի մաս կը կազմեն 97 եպիսկոպոսներ։
Յայտնենք որ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, 9 անգամ այցելած է Լեհաստանը, մինչ վաստակաւոր քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ-ը մէկ անգամ։








All the contents on this site are copyrighted ©.